2016-10-25 14:52:00

ՄԱԿ-ի միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ ՄԱԿ Կեդրոնակայանին մԷջ` ՀԲԸՄ-ի կազմակերպմամբ


Հոկտեմբեր 24-ին ՄԱԿ-ի միջազգային օրուան առիթով կազմակերպութեան կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացում, զոր կազմակերպած էր ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութիւնը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամին հետ համագործակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՄԱԿ  շարք մը անդամ-երկիրներու, կազմակերպութեան գործակալութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ուսումնական հաստատութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Հայկական աւանդական կատարողական արուեստի ու ժամանակակից պարարուեստի համադրութեամբ բեմադրուած ներկայացումը տեղի ունեցաւ «Հոգիս» երաժշտական բեմադրութեան միջազգային մեկնարկի ծիրէն ներս` ցուցադրելով ՀԲԸՄ-ի երկու գործընկեր ծրագիրներու` «Թումօ» ստեղծագործական արհեստագիտութիւններու  կեդրոնի եւ ՀԲԸՄ հովանիի տակ գործող Նորքի հայորդաց տան երիտասարդ մասնակիցներու հմտութիւնները: «Հոգիս» բեմադրութիւնը, որուն անդրանիկ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 28-ին Նիւ Եորքի մէջ, հայկական աւանդոյթներու իւրայատուկ մեկնաբանութիւն է` թուային եւ ստեղծագործական արուեստի համադրութեամբ:

Ներկայացման բացման խօսքով հանդէս եկան ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ Մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրաբ Մնացականեան, ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի պատանեկան զարգացման եւ մասնակցութեան հարցերով պատասխանատու Ճուտիթ Տիրսը եւ «Հոգիս» բեմադրութեան ստեղծագործական տնօրէն, ֆրանսահայ բեմադրիչ Փաթրիք Մալաքեան:

«ՄԱԿ-ը ստեղծուել է յանուն ապագայի, այսինքն` երեխաների: Հէնց երեխաներին պէտք է փոխանցենք այս աշխարհը, եւ դա մեր բոլորիս կարեւոր պարտաւորութիւնն է, որի մասին պէտք է յիշենք»,- իր ելոյթին մէջ ընդգծեց ՀՀ դեսպանը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.